2013-01-30 14:34:41

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ներկայութիւնը Հարաւային Գուրիայի Մէջ` Պտուղն Է Աշխարհականներու Վկայութեան


Քրիստոնէութեան մուտքը հարաւային Գուրիայի մէջ տեղի ունեցած է շնորհիւ աշխարհական քրիստոնեայ հաւատացեալներու բարի վկայութեան։
Անոնք հանդիսացան առաջին առաքեալները Աւետարանի տարածման, որմէ ետք եկեղեցականները, միսիոնարները ու կրօնաւորները մուտք գործեցին։ Հարաւային Գուրիան կը նկատուի ճարտարապէս եւ տնտեսապէս աշխարհի ամենայառաջացած երկիրներէն մէկն է։ Անիկա կը նկատուի աշխարհի 15րդ զարգացած ու յառաջադէմ ազգն է եւ չորրորդը` Ասիայի մէջ։
Փիլիպեան կղզեախումբէն, Հնդկաստանէն ու Վիէթնամէն ետք Գուրիան ամէնէն աւելի մեծաթիւ քրիստոնեայ հաւատացեալները ունի։ Արդարեւ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան մէկ երրորդը, որոնցմէ հինգ միլիոնը կաթողիկէ են։ Հարաւային Գուրիայի մէջ ամէն տարի շուրջ 100 հազար չափահասներ մկրտութեան խորհուրդը կը ստանան։
Եկեղեցին աշխարհականացումի ալիքի ընդմէջէն կ' աշխատի արդի ընկերութիւն մը ձեւաւորել ներշնչուելով աւետարանական արժէքներուն։ Գուրիայի Եկեղեցին արագ աճում արձանագրած է ու անոր կը պակսի հաւատքի հասունութիւն։
Երկու Գուրիաներու միացումը` Գուրիայի Եկեղեցւոյ համար այլ հրատապ հարց մըն է ։ Եկեղեցւոյ համար այդ միացումը կարելի է ձեռք ձգել աղօթքով ու հաշտութեամբ։ Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու ընկերութեան խմորը ու աղքատներուն նեցուկը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.